2012-11-27 13:06:53

Թանզանիայի Մէջ Ուսումնաժողով` ''Հաւատքը, մշակոյթը ու բարգաւաճումը Ափրիկէի մէջ'' Նիւթին Մասին։


Աւելի քան 70 եպիսկոպոսներ, հոգեւորականներ, աշխարհականներ ու Վատիկանէն ներկայացուցիչներ, Թանզանիայի Տար էլ Սալամի մէջ, կը մասնակցին ուսումնաժողովի մը ''հաւատքը, մշակոյթը ու բարգաւաճումը Ափրիկէի մէջ'' նիւթին մասին։
Ժողովականները պիտի քննարկեն հարկաւորութիւնը Ափրիկէի Եկեղեցւոյ համար կառուցական երկխօսութիւն հաստատելու սեւ ցամաքամասի մշակոյթին հետ ու անոր բարգաւաճումի ի նպաստ, հաստատելով մասնաւորապէս կլոր սեղան մը աւելի հեշտ դարձնելու ափրիկեան մշակոյթներու ու Աւետարանի միջեւ երկխօսութեան պատշաճացումը։
Նշենք որ հանդիպումը կազմակերպուած է նախաձեռնութեամբ` Ափրիկէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին, վատիկանի ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին ու Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի համագործակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.